2016-05-11 09:19:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքին նամակը` ԱՄՆ գաղթած կղերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Ռաֆայել Սաքօ նամակ մը յղած է քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն զանոնք հրաւիրելով հնազանդելու Տիրոջ կամքին։

Նամակին մէջ Պատրիարքը գրած է. ''Բաժնել եկեղեցական մարմինը բաժան բաժան խումբերու ծանր մեղք է, ժամանակի մը մէջ ուր Քաղդէացի եկեղեցին կանչուած է ամուր պահել միութիւնը, ու սփիւռքի ժողովրդապետութիւնները հրաւիրուած են ընթանալու ապաշխարութեան ճանապարհի վրայ''։ Պատրիարք Սաքօ հրաւիրած է ապա  քահանաներն ու կրօնաւորները հրաժարելու մայր հայրենիքէն դուրս ապրելու փորձութենէն, յիշեցնելով անոնց պարտականութիւնը հնազանդելու Տիրոջ կամքին ու Անոր ծառայելու այնտեղ ուր կ´ապրի Աստուծոյ հօտը, ու վկայութիւն տալու իրենց հաւատարմութեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, ոչ միայն խօսքով այլ եւ գործով։

 Քաղդէացիներու Պատրիարքը ապա կոչ ուղղած է Ամերիկա ապաստանած վանականներուն ու քահանաներուն վերադառնալու իրենց վանքերը ու իրենց ժողովրդապետութիւնները։ ''Պէտք ենք ապրիլ ու մեռնիլ Քրիստոսի նման, մեր ուսերուն վրայ շալկելով մեր խաչը'' գրած է Պատրիարք Սաքոն հեռացած կղերականներուն յիշեցնելով որ կարելի չէ հեռանալ թեմերէն եւ առաքելավայրերէն  առանց թեմի եպիսկոպոսին կամ  վանահօր հրամանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.